1915թ.
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՋԱՐԴԵՐԸ
(version française)
Le génocide des Arméniens de 1915
Երբ 1894-1896 թթ. հայ ժողովուրդը իր ծննդավայրին մէջ նշաւակ դարձաւ Օսմանեան թուրքերու կողմէ կիրարկուած ջարդերու, Անաթօլ Ֆրանս և Ժան Ժորէսի նման անձնաւորութիւններ դատապարտեցին այս դէպքերը որպէս ոճիր ի գործ դրուած Հայ ազգի դէմ : 24 Ապրիլ 1915թ. Պոլսոյ մէջ կը ձերբակալուին 600 հայ երեւելիներ որոնց կարգին կը գտնուէին մտաւորականներ ու քաղաքական անձնաւորութիւններ ու կ'սպանուին թուրք իշխանաւորներու կողմէ, ուրկէ յետոյ ամբողջ երկրի տարածքին հայ կին, տղամարդ, ծեր ու երեխայ տեղահան դառնալով կ'աքսորուէին դէպի Հալեբ ուր շատ քիչ քանակով հայեր կը հասնէին Սուրիա.
1,5 միլիոն զոհ տուաւ Հայ ազգը: Այս դէպքերը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Հ. Մորկընթաու'ն և Գերման միսիոնար Ժ. Լէբսիւս'ը որակած են որպէս ոճրագործութիւն: 24 Մայիս 1915թ զուգակից հայտարարութեամբ մը Ռուսաստան, Ֆրանսա և Մեծն Բրիտանիա կը դատապարտեն "Ժէօն Թուրքերու" կառավարութիւնը որպէս ոճիր ի գործ դրուած ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ:
Հայ ազգի դէմ գործուած ոճիրի ջահը վեր պիտի բարձրացնէր Մարսէլ Քաշէն ապա Կիյ Տիւքոլոնէ համայնավար երեսփոխան, որոնք հայկական Եղեռնի 50 ամիա տարելիցի առթիւ 24 Ապրիլ 1965 թ. Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի օրակարգի վրայ կ'արձաագրէին օրինագիծ մը որով կ'առաջարկուէր Հայ ազգին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան ճանաչումը և վարժարաններու մէջ հայերենի ու հայ մշակոյթի դասընթացքներու կիրարաումը Ֆրանսայի հայաշատ վայրերու մէջ: Այս օրինագծի առաջարկը կը ներկայացուէր ամէն տարի 24 Ապրիլի նախօրեակին Ազգային Ժողովի նստաշրջանին:
1987թ. Եւրոպական Խորհրդարանը ճանչցաւ հայոց ջարդերը որպէս Ցեղասպանութիւն: Ի շարս համայնավար Կիյ Տիւքոլոնէ, Կիյ Ֆիշէր և Հէլէն Լիւքի անխոնջ ջանքերուն, 18 Յունուար 2001թ. Ֆրանսա պաշտօնապէս կը ճանչնայ 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Այս ոճիրը ի գործ դնող անձերը գոյութիւն չունին այսօր, բայց անանց ժառանգորդները ներկայ են ու կը ժխտեն տեղի ունեցած ոճրագործութիւնները Ցեղասպանութիւն որակելու հայգամանքը: Թղթատելով թուրք պատմութեան գիրքերը որով դասաւանդութիւններ կը մատուցուին վարժարաններու մէջ բացարձակապէս չենք նշմարեր պատմուածքներ հայ արքայական շրջանի պատմութեան մասին, կարծես հայը բնաւ գոյութիւն չէ ունեցած իր ծննդավայրին մէջ զոր այսօր թուրքերը Անատօլու կոչած են: Ներկայիս Թուրք կառավարութիւնը հայ Սփիւռքի արդար պահանջը նսեմացնելու համար կազմակերպած է ֆաշիստ հրոսակներ որոնք կ'աշխատին հայոց Ցեղասպանութեան դէմ ժխտողական թէզեր յառաջ քշելու համար:
Շատ ցաւալի է որ հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ Տիեզերական պատմական մատեանին մէջ արձանագրուած կը մնայ ՍԱԿԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ ԴԱՐՑԱԾ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՄԵԾ ՏԷՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ: Հայ մշակոյթը Ազգին ADN'ը կը կազմէ, ժողովուրդ մը բնաջնջելով պատմութիւնը և մշակոյթը վերացնելու ձեռնարկը ի դեդեւ կ'ելլէ, վասնզի անոր ADN'ն է որ պիտի փաստէ այդ ժողովուրդին էութիւնը:
Ներսէս Տուրման
Փարիզ Մարտ
Les massacres des Arméniens de 1915
Premier génocide du 20ème siècle
Nersès Durman
Paris, Mars 2010
www.armen-progres.com
▲